2016-02-26 09:45:00

Այսօր խորհրդարանական ընտրութիւններ` Իրանի մէջ


Այսօր Իրանի մէջ տեղի կ՛ունենան խորհրդարանի եւ Փորձագէտներու խորհուրդի ընտրութիւններ:

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Իրանի ներքին գործոց նախարար Ապտոլ Ռեզա Ռահմանի Ֆազլի վստահութիւն յայտնած է, որ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը պիտի ըլլայ առնուազն 70 առ հարիւր: ԻՐԻՆՆ պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ան յայտնած է. «Կատարուած հարցախոյզերուն համաձայն, կը սպասուի, որ ընտրութիւններուն մասնակցի ընտրողներուն առնուազն 70 առ հարիւրը»: Ան յիշեցուցած է, որ քուէարկելու իրաւունք ունին Իսլամական հանրապետութեան շուրջ 55 միլիոն քաղաքացիներ:

Ռահման Ֆազլի քաղաքացիներուն կոչ ուղղած է քուէարկելու առաւօտեան ժամերուն` խուսափելու համար ընտրական կեդրոններուն մէջ գոյացող հերթերէն: Բաց պիտի ըլլան շուրջ 53 հազար ընտրական կեդրոններ եւ կէտեր:

Ըստ նախարարին, այն ընտրատարածքներուն մէջ, ուր համախոհական ցանկեր կամ առանձին թեկնածուներ չեն յաջողիր հաւաքել 50 առ հարիւրէն աւելի քուէ, տեղի պիտի ունենայ քուէարկութեան երկրորդ հանգրուան, որուն պիտի մասնակցին միայն այն երկու թեկնածուները կամ ընտրական դաշինքները, որոնք առաւել մեծ թիւով քուէներ ապահոված են: Ռահմանի Ֆազլի ըսած է, որ երկրորդ հանգրուանի թուականին մասին պիտի յայտարարուի աւելի ուշ. կ՛ենթադրուի, որ ատիկա տեղի ունենայ մարտին:

18 փետրուարին ընտրարշաւին սկսելու պահէն ի վեր Իրանի օրէնսդիր մարմինի աթոռներու թեկնածուներուն թիւը 6229-էն նուազած է 5550-ի:

Ընտրութիւններուն ընթացքին հիմնական պայքարը պիտի ծաւալի երկու ուժերու միջեւ. մէկը` չափաւոր եւ բարեփոխական քաղաքական գործիչներու եւ կուսակցութիւններու դաշինքն է, իսկ միւսը` դաշինքը պահպանողականներուն, որոնք կը զօրակցին իսլամութեան սկզբունքներու խիստ գործադրման: Դաշինքներէն իւրաքանչիւրը ընտրութիւններուն կը մասնակցի իր միասնական ցուցակով:








All the contents on this site are copyrighted ©.